2013-05-06 11:31:33

Զինեալ Յարձակում` Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանի Մայր Եկեղեցւոյ Վրայ` Պատարագի Ժամանակ



Այսօր առաւօտեան զինուած յարձակում եղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի` Գում Գափու թաղամասի մէջ գտնուող մայր եկեղեցւոյ վրայ: Յարձակումը իրականացուած է առաւօտեան պատարագի ժամանակ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական Ratikal պարբերականը, այս առաւօտ` ժամը 12:30-ի կողմերը, անյայտ անձ մը պատարագի ժամանակ 7 անգամ օդ կրակելէն ետք փախած է դէպքի վայրէն:
Աղբիւրի համաձայն ականատես` պոլսահայ համայնքի ճանչցուած ներկայացուցիչ Կարօ Պալեան, կիրակնօրեայ պատարագի աւարտին եկեղեցիին մօտեցած անձ մը օդ կրակելէն ետք ճողոպրած է դէպքի վայրէն: Խուճապ սկսած է պատարագին մասնակցող պոլսահայերու մէջ, այնտեղ կային նաեւ երեխաներ: Յարձակման հետեւանքով, բարեբախտաբար, որեւէ մէկը չէ տուժած:
Պալեան մասնաւորապէս նշած է. «անձ մը ժամը 12:30-ի կողմերուն մօտեցած է պատրիարքարանի դրան եւ ատրճանակով 7 անգամ օդ կրակած: Ներկայ պահուն կը փորձեն կազմել անոր պատկերը: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ անվտանգութեան մասնաճիւղերը միասին կ’աշխատին` դէպքը հետաքննելու ուղղութեամբ: Հնարաւոր է նաեւ, որ տուեալ անձը մինակ չէ եղած: Դրան մօտ ոչ ոք չէ եղած` մեզմէ բացի: Յարձակողը որեւէ բան չէ բղաւած եւ ոչ մէկ կարգախօս չէ հնչեցուցած: Եկեղեցւոյ մէջ խուճապ սկսած է: Դռները փակած ու միջոցներ ձեռնարկած:
Աղբիւրի փոխանցմամբ` յարձակումէն ետք մեծ թիւով ոստիկաններ հասած են դէպքի վայր:
Յիշեցնենք, որ բոլորովին վերջերս` սոյն թուականի Ապրիլ 27-ին, 30-40 հոգինոց խումբ մը ցերեկուայ ժամերուն յարձակած էր Աթաշեհիրի Նոր յոյս եկեղեցւոյ վրայ: Եւս մէկ յարձակում եղած էր Պուրկազ կղզում գտնուող Այոիս Իոնիս յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.